2013-11-06 12:40:59

ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի լիանիստ ժողովը եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ժողովականներուն ուղղած պատգամը։


Նոյեմբեր 5-ին սկիզբ առաւ ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի լիանիստ ժողովը, Լուրտի մարեմեան սրբավայրին մէջ։
Գերապայծառ Ժորժ Բոնդիէ` նախագահը ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին եւ առաջնորդը Մարսիլիոյ թեմին, իր բացման զեկոյցին մէջ ըսաւ. ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը խթանէ մեզ ապրելու շնորհքի այս ժամանակը''։ Ան ապա եպիսկոպոսներուն ներկայացուց յայտագիր մը ներշնչուած Սրբազան Հօր քահանայապետութեան ուղղութիւններէն։ Նորին Սրբութիւնը եպիսկոպոսներէն կը խնդրէ ապրիլ պարզ կեանք մը։ Եկեղեցին կանչուած է ապրելու աղքատութիւնը եւ իր հոգատարութիւնը կեդրոնացնելու աղքատին վրայ։ Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ Եկեղեցւոյ հովիւները արիութեամբ քարոզելու Աւետարանը եւ յանդուգնօրէն ճանչցնելու Աստուծոյ սէրը համայն մարդոց։
Մարսիլիոյ թեմի առաջնորդը խրախուսեց եպիսկոպոսները պաշտպանել աղքատին, մանուկին եւ գաղթականին դատը։ Իր զեկոյցին մէջ Ան վերակոչեց աշխարհի հարստութենէն զրկուածներու հարցը եւ ընտանիքին կարեւորութիւնը ողջունելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, յառաջիկայ 2014-ի հոկտեմբերին գումարած` ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսը։
Յայտնենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասի լիանիստ հաւաքին առթիւ, պատգամ մը ուղղած է ժողովականներուն որուն մէջ կը հրաւիրէ զանոնք մօտ ըլլալ` մեկուսութեան մէջ ապրողներուն։ Ան կը քաջալերէ ֆրանսայի Եկեղեցին որ շարունակէ իր առաքելութիւնը ինչազուրկերու ի սպաս։ Սրբազան Հայրը միաժամանակ իր խնդակցութիւնը կը յայտնէ, անցեալ մայիսին, Լուրտի մարեմեան սրբավայրին մէջ, ընկերային հարցերու պատասխանատու` եպիսկոպոսական խորհուրդի կատարած խորհրդաժողովին համար, առ ի օգնութիւն կարօտեալներուն։ Թող ինչազուրկին հանդէպ ձեր այս հոգատարութիւնը ըլլայ ցնցիչ վկայութիւն մը Աստուծոյ ողորմութեան ու Անոր գթութեան հանդէպ ամէն արարածի։

Յայտնենք որ վերոյիշեալ լիասնիստ ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ գերապայծառ Յովհաննէս Թէյրուզեանը` ֆրանսայի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ։Ֆրանսայի եպիսկոպոսներու լիանիստ ժողովը կ'աւարտի 10 նոյեմբերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.