Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 6 նոյեմբերի գործունէութիւնը։
Չորեքշաբթի 6 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 9,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս
Սանդա Մարդայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քահանայապետական Գիտութեան Ակատեմիայի նախաձեռնութեամբ
կազմակերպուած` «Հացն ու ուղեղը, կրթութիւն եւ աղքատութիւն» խորագրով գիտաժողովի մասնակիցներուն
հետ։ Ան ապա ժամը 10,30-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր
իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն շնորհեց հրապարակային ունկնդրութիւն։ Ունկնդրութենէն
առաջ Սրբազան Հայրը Վատիկանի ''զանգակներու կամարին'' տակ վառեց 2013-ի ''universiade''
կոչուած` համալսարանականներու ողիմպիական խաղերու ջահը։ Յայտնենք որ 2013-ի ''Ունիվէրսիատէն''
տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Թրէնթօ քաղաքին մէջ, 11 - 21 դեկտեմբերին, եւ որուն իրենց
մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի 60 երկիրներէ զանազան համալսարաններու 3000 երիտասարդ
մարզիկներ։ Հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Պօղոս
Զ-ի անուան սրահին մէկ գրասենեակի մէջ ընդունեց` Վենեզուելլայի ''“Mesa de la Unidad
Democràtica” կուսակցութեան ղեկաւար` Տիար Էնրիքէ Գաբրիլէս Րատոնսգին։