2013-11-06 11:46:30

''Առանց սիրոյ, նոյնիսկ ամենաբացառիկ շնորհքները ապարդիւն են'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։


Չորեքշաբթի, 6 նոյեմբերի առաւօտեան, սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կատարած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, դարձեալ խօսեցաւ ''սուրբերու հաղորդութեան'' մասին։ Նիւթ մը որուն մասին արդէն անդրադարձած էր անցեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկդրութեան ընթացքին։
Սուրբերու հետ հաղորդութիւնը, հաղորդութիւն մըն է հոգեւոր բարիքներու հետ, որոնք են` ''խորհուրդները, խարզիմերը եւ սէրը'' - ըսաւ Սրբազան Հայրը։Խորհուրդները մեր միջեւ կ՛իրագործեն խոր հաղորդութիւն մը։ Անոնց ընդմէջէն կը հանդիպինք Քրիստոսի ու Անոր միջոցաւ հաւատքի մեր եղբայրներուն։
Խորհուրդները մեզ կը հրաւիրեն ըլլալու առաքեալներ ու մեր մէջ կ՛աճեցնեն հաւատք մը որ կարող է դիմադել կուռքերուն։ Խարիզմերը Սուրբ Հոգիէն պարգեւուած յատուկ շնորհքներ են, սահմանուած կառուցելու եւ սրբացնելու Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։ Խարիզմները կ՛օժանդակեն սիրոյ աճումին։ Առանց սիրոյ, նոյնիսկ ամենաբացառիկ շնորհքները ապարդիւն կը դառնան'' - յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու աւելցուց` ''Սիրոյ հաղորդութիւնը ապրիլ կը նշանակէ անձնական շահեր չի փնտռել, այլ բաժնեկցիլ մեր եղբայրներուն ուրախութիւններն ու ցաւերը։ Եթէ մենք ապրինք սիրոյ հաղորդութիւնը կը դառնանք աշխարհի վրայ Աստուծոյ սիրոյ խորհուրդներ''։
Խօսքը եզրափակելէ առաջ, Ֆրանչիսկոս սրբազան Քահանայապետը ներկաներէն խնդրեց, որպէս սիրոյ եւ ողորմութեան նշան, աղօթել` ''Նոէմի'' անունով, ծանր հիւանդ աղջնակի մը համար։ Լռութեան մէջ խդրենք Տիրոջմէ որ օգնէ զինք ու անոր առողջութիւն պարգեւէ - ըսաւ Ան - ու ապա ներկաները հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին այս ''ողորմութեան ու սիրոյ'' արտայայտութեան համար։ ։
Իր ճառին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած ուխտաւորները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, վերյիշեցնելով թէ նոյեմբեր ամիսը նուիրուած է ննջեցեալներուն ու թէ առիթ մըն է խորհրդածելու մեր երկրային կեանքի իմաստի ու յաւիտենական կեանքի արժէքի մասին։
''Այս օրերը թող ըլլան խթան հասկնալու թէ կեանքը արժէք կ՛ունենայ եթէ ապրուի սիրելով զԱստուած եւ մերձաւորը'' - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը աւարտելով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.