2013-11-06 10:37:55

«Քաղաքակրթութիւններու հարստութիւն մը դիզած արաբական աշխարհին ամօթ է այս վիճակին հասնիլ» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ մեկնեցաւ Հռոմ, ուր պիտի մասնակցի շարք մը հանդիպումներու, որոնց ընթացքին պիտի քննարկուին եկեղեցական հարցեր:
Նախքան իր մեկնումը, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ ան դրուատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին ազգային բոլոր մակարդակներուն վրայ:
«Պատմութեան ընթացքին քրիստոնեաները մշակութային եւ ընկերային զարթօնքին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են», ըսաւ Ռայի պատրիարքը եւ կոչ ուղղեց անոնց իրենք զիրենք հեռու չպահելու Լիբանանի մէջ համախոհութիւն մը գոյացնելու նպատակով ջանքեր ի գործ դնելու նախաձեռնութիւն մը առաջադրելու աշխատանքէն, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել կառավարութիւն մը, մշակել ընտրական օրինագիծ մը եւ կազմակերպել նախագահական ընտրութիւններ:
«Քրիստոնեաներուն կ՛ըսեմ, որ իրենք չեն կրնար մաս կազմել երկրին ընթացքը արգելակող յարանուանական խտրութեան հոսանքին», ըսաւ ան:
Ան կոչ ուղղեց արաբ ղեկավարներուն վերադառնալու իրենց խիղճին եւ աւելցուց. «Քաղաքակրթութիւններու հարստութիւն մը դիզած արաբական աշխարհին ամօթ է այս վիճակին հասնիլ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.