2013-11-05 13:39:43

“Տաթեւեր”-ը Դարձած է Ճոպանուղային Փոխադրամիջոցի Միջազգային Կազմակերպութեան Անդամ


Իտալական Բոլցանօ քաղաքի մէջ կայացած OITAF ղեկավար կոմիտէի հանդիպման ընթացքին ընդունուած որոշմամբ` “Տաթեւեր” Ճոպանուղին դարձած է Ճոպանուղային փոխադրամիջոցիմիջազգային կազմակերպութեան (OITAF) անդամ: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress-ը։
OITAF-ին անդամակցութիւնը կը նշանակէ, որ “Տաթեւեր”-ը ճանչցուած է ճոպանուղիներու համաշխարհային հանրութեան կողմէն, այդ մէկը շարք մը առաւելութիւններ կու տայ:
Մասնաւորապէս` ճոպանուղիներու կառավարման ոլորտէն ներս հետազօտութիւններու եւ փորձերու աջակցութիւն, աջակցութիւն ճոպանուղիներու ոլորտէն ներս ազգային կարգաւորիչներուն համար չափանիշներու ներդրման հարցով, սեմինարներու եւ գիտաժողովներու իրականացում ճոպանուղիներու արտադրողներու եւ գործավարներու համար:
OITAF հիմնադրուած է 1959 թուականին Միլանի մէջ: Ներկայիս կազմակերպութեան կ’անդամակցին ճոպանուղիներ 22 երկիրներէն:
“Տաթեւեր” ճոպանուղին բացուած է 2010 թուականի Հոկտեմբեր 16-ին` “Տաթեւի վերածնունդ” նախագիծի ծիրէն ներս: 2010-ի Հոկտեմբեր 23-ին “Տաթեւեր”-ը գրանցուած է Կինեսի միջազգային ցուցանիշներու գիրքին մէջ՝ իբրեւ աշխարհի մէջ ամենաերկար յետադարձելի երկխցիկ ճոպանուղին: Ցուցանիշը գրանցուած էր ոչ միայն ճոպանուղիի երկարութեան (5752 մ.), այլեւ ճոպանուղիի կառուցման կարճ ժամանակահատուածի (10 ամիս) համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.