2013-11-05 13:44:33

Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու վերացումը ժամանակի հարց է. Սուրիոյ վարչապետ


Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ ալ Հալքի հաստատած է, որ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու վերացումը ժամանակի հարց է: Այս մասին կը յայտնէ Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը։
Վարչապետ Հալքի այս մասին յայտնած է Ալժիրի պատուիրակութեան ընդունելութեան ժամանակ` հաստատելով, որ Սուրիա առանց նախապայմաններու պիտի մասնակցի “ժնեւ-2” համաժողովին:
Սուրիոյ վարչապետը նշած է, որ երկրի բանակը ահաբեկիչներուն դէմ պայքարին արդէն հասած է զգալի յաջողութիւններու եւ Սուրիան իր ապագան պիտի որոշէ իր քուէարկութեամբ եւ բարեփոխումներով:
Վարչապետը հաստատած է, թէ Սուրիան բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է բանակցութիւններ եւ երկխօսութիւն սկսելու ընդդիմութեան հետ` միաժամանակ բացառելով բանակցիլ ահաբեկիչներուն հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.