2013-11-05 13:43:48

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի համաժողովը կը քննարկէ հայկական ցեղասպանութեան օրակարգը


Հոկտեմբեր 30ին, Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ սկսած Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10րդ համաժողովը իր աշխատանքները շարունակեց մինչեւ Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր: Այս մասին կը յայտնէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Շաբաթ եւ Կիրակի, 2 եւ 3 Նոյեմբեր 2013ին համաժողովի մասնակիցները «Խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» շոգեկառքով Սէուլ մեկնեցան, իսկ շաբաթավերջը անցուցին Քորէայի զանազան եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ:
Համաժողովի երկրորդ օրը, ընկերա-քաղաքական հարցերու յանձնախումբի աշխատանքներու ծիրին մէջ, ժողովականներուն ներկայացուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին առիթով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին՝ հայ ժողովուրդի արդար դատին զօրակցութիւնը ընդգծող յայտարարութիւնը, որ Անթիլիասի մէջ մշակուած էր եւ Պուսանի մէջ Ս. Էջմիածինի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան կողմէ եւս որդեգրուելով՝ համաժողովին յղուած:
Այս առիթով, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան քորէական հեռատեսիլի կայանի թղթակիցին յայտնեց. «Առաջին անգամը չէ, որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած Ցեղասպանութեան գծով իր արդար ձայնը կը բարձրացնէ: Մենք երախտապարտ ենք բոլոր եկեղեցիներուն եւ պետութիւններուն, որոնք մեր Դատի ճանաչման համար աշխատած են եւ կը շարունակեն աշխատիլ: Սակայն, 100րդ տարելիցի սեմին, այս միջազգային զօրակցութիւնը կոչ մըն է համայն մարդկութեան՝ դրականօրէն արձագանգելու նոյնինքն մեր համաժողովի գլխաւոր՝ «Կենսատու Աստուած, մեզ արդարութեան եւ խաղաղութեան առաջնորդէ՛» թեմային, որպէսզի ցեղասպանութիւններու զոհ դարձած ժողովուրդները արդարութեան արժանանան, այլեւս ցեղասպանութիւններ տեղի չունենան եւ ամբողջ մարդկութիւնը խաղաղութեան մէջ ապրի»:
Յայտնենք, որ Երկուշաբթի, 4 Նոյեմբերին համաժողովը վերսկսաւ իր աշխատանքներուն, զորս պիտի աւարտէ Ուրբաթ, 8 Նոյեմբերին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատգամաւորները թէ՛ լիակատար նիստերու եւ թէ խմբական քննարկումներու ընթացքին գործօն մասնակցութիւն կը բերեն համաժողովին։ Այսպէս.
- Սեպուհ արք. Սարգիսեան ընտրողական յանձնախումբի անդամ է:
- Նարեկ արք. Ալեէմէզեան համադրող յանձնախումբի անդամ եւ միջեկեղեցական շարժումի ներկայ իրավիճակի քննարկման խմբակի ատենապետ է:
- Թենի Սիմոնեան ծրագրումի յանձնախումբի անդամ եւ ամէնօրեայ Աստուածաշունչի սերտողութեան խմբակի վարիչ է:
- Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան–Գապագեան ընկերա-քաղաքական հարցերու յանձնախումբի անդամ է:
- Իրաւաբան Վանա Կիտցինեան մարդկային իրաւունքներու քննարկման խմբակի խօսնակն է:
- Նազելի Գանտահարեան համադրող յանձնախումբին մէջ համաժողովի երիտասարդները կը ներկայացնէ







All the contents on this site are copyrighted ©.