2013-11-05 13:48:28

''Բոլորս հրաւիրուած ենք Տիրոջ խնջոյքին չի բաւարարուինք միայն հրաւիրեալներու ցանկին մէջ մնալով'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։


Երեքշաբթի 5 նոյեմբերի առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, հաստատեց թէ ''Քրիստոնէական էութիւնը հրաւէր մըն է մասնակցելու խնջոյքին'' մատնանշելով թէ Եկեղեցին միայն բարի մարդոց համար չէ` այլ Անոր միանալու հրաւէրը՝ ուղղուած է բոլորին։
Նորին սրբութիւնը աւելցուց թէ ''Տիրոջ խնջոյքին կը մասնակցինք ամբողջութեամբ եւ բոլորին հետ, եւ թէ կարելի չէ այլ ընտրանք կատարել''։ ''Քրիստոնեաները թող չի գոհանան միայն հրաւիրեալներուն ցանկին մէջ գտնուելու, որով այս կրնայ նշանակել խրախճանքին չի մասնակցիլ'' - ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''հրաւէրը անվճար է''։Հրաւէր մը որ կու գայ Աստուծմէ եւ թէ ''եթէ մեր խիղճին մէջ չ՛ունինք հրաւիրուած ըլլալու գիտակցութիւնը՝ ուրեմն չենք հասկցած ի՞նչ է քրիստոնեան''։
Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզի աւարտին ըսաւ . ''Տէրը, շատ առատաձեռն է, Ան բոլոր դռները կը բանայ։
Խնդրենք Տիրոջմէ շնորհքը` լաւ հասկնալու թէ որքան գեղեցիկ է հրաւիրուած ըլլալ Անոր խնջոյքին եւ թէ որքան գեղեցիկ է ուրիշներու հետ բաժնեկցիլ մեր ունեցածը, որքան գեղեցիկ է մասնակցիլ Տիրոջ խնջոյքին եւ չի գոհանալ պարզապէս քրիստոնեաներու ցանկին մաս կազմելու''։







All the contents on this site are copyrighted ©.