2013-11-04 12:13:23

Փալոն Օպամային կոչ կ՛ուղղէ ցուցադրութեան հանելու Հայոց ցեղասպանութեան որբերուն գործած գորգը


Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոն նախագահ Օպամային կոչ ուղղեց չեղեալ յայտարարելու վերջերս տրուած որոշումը եւ արտօնութիւն տալու ցուցադրելու Հայոց ցեղասպանութեան որբերու հիւսած գորգը:
Փալոն Սպիտակ տան ուղարկած իր նամակին մէջ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք չէ թոյլ տան, որ Թուրքիա իրենց թելադրէ, թէ արդեօք պատմական այս արժէքը ցուցադրման արժանի՞ է, թէ՞ ոչ:
«Բառերով դժուար է արտայայտել տագնապը, որ այս պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին անունով ընդունած է նախագահ Քուլիճ, կրնայ պահուիլ փակ դռներու ետին` յագուրդ տալով պատմական յստակ փաստերը հանրային քննարկման առարկայ չդարձնելու` Թուրքիոյ ցանկութեան», գրած է Փալոն իր նամակին մէջ:
Աւելի կանուխ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Էտըմ Շիֆ ու Տէյվիտ Վալատաօ նոյնանման կոչով դիմած էին քոնկրեսական իրենց գործընկերներուն:
Հայ որբերու հիւսած գորգը Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Քալվին Քուլիճին նուիրաբերուած է` իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Միացեալ Նահանգներու ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութեան համար երախտիքի նշան:
Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականին` նշելով, որ այս ամէնը ողբերգական վկայութիւնն է Օպամայի վարչակազմի հնազանդութեան` Անգարայի վարած մոլեգին եւ ոչ բանական ժխտողական քաղաքականութեան: Ան աւելցուց, որ Սպիտակ տունը այժմ թոյլ կու տայ կառավարութեան թելադրել, որ Միացեալ Նահանգներու պատկանող եւ ամերիկեան պատմութեան մաս կազմող ո՛ր գործը կարելի է ցուցադրել Սմիթսընեան հիմնարկին մէջ, որ մէկը` ոչ:







All the contents on this site are copyrighted ©.