2013-11-04 09:49:50

Թուրքիոյ կին երեսփոխանները 14 տարուան դադարէ ետք լաչակով մուտք գործած են խորհրդարան


«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին 14 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով խորհրդարանի նիստին մասնակցած են Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն չորս կին երեսփոխաններ, որոնք լաչակ կը կրէին:
Ասիկա կարելի դարձած է, որովհետեւ սեպտեմբերին թրքական խորհրդարանը ջնջած էր քանի մը տասնամեակներէ ի վեր գործող այն օրէնքը, որ պետական պաշտօնեաներուն կ՛արգիլէր լաչակ կրել:
Այս նախաձեռնութիւնը Թուրքիոյ քաղաքական շրջանակներուն մէջ տարբեր հակազդեցութեանց արժանացած է: Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ողջունած է արգելքի վերացումը, ինչ որ անոր հակառակորդներու շրջանակին մէջ զայրոյթ յառաջացուցած է:
«Արմենփրես»` յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներուն, հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը կը պատրաստուի Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ լաչակ կրելու թոյլտուութեան դէմ բողոքի ցոյցեր կատարելու:
Նախապէս նշուած էր, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխան Կիւլլահ Սամանճը որոշած է խորհրդարան գալ լաչակով: Այդ որոշումը ան տուած է Մեքքա կատարած ուխտագնացութենէն ետք:
30 սեպտեմբերին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հրապարակած էր երկրին մէջ ժողովրդավարական քայլերու թղթածրար մը, որուն մէջ նշուած էր նաեւ, որ պետական հաստատութեանց մէջ լաչակ կրելու արգելքը, բացի զինեալ ուժերու մէջ, կը վերցուի: Նախապէս կիներուն կ՛արգիլուէր հասարակական վայրեր եւ պետական կառոյցներ մուտք գործել լաչակով:
Էրտողանի «ժողովրդավարացման թղթածրարը» մերժած են Թուրքիոյ քիւրտերը եւ ընդդիմադիր բոլոր կուսակցութիւնները: Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը դիմած է Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան` հասարակական վայրերու եւ պետական կառոյցներու մէջ լաչակ կրելը արգիլելու հարցով:







All the contents on this site are copyrighted ©.