2013-11-04 10:04:38

Գրագովիայի Արքեպիսկոպոսը կը յայտնէ թէ Գրագովիայի ''երիտասարդութեան համաշխարահային օրը'' տեղի պիտի ունենայ` 25 յուլիսէն - 1 օգոստոս 2016։


Գրագովիայի Արքեպիսկոպոս եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ երբեմնի յատուկ քարտուղար` Կարտինալ Սդանիզլավ Ճիվիչ, Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին յայտնած է թէ Գրագովիայի մէջ նշուելիք ''երիտասարդութեան համաշխարհային օրը'' տեղի պիտի ունենայ` 25 յուլիսէն - 1 օգոստոս 2016։
Յայտնենք որ յառաջիկայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, Պրազիլի երիտասարդները, ուր տեղի ունեցած էր վերջին երիտասարդաց համահաւաքը, յառաջիկայ 13 ապրիլ 2014-ին, պաշտօնապէս Գրագովեայ պիտի փոխադրեն երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ խաչափայտը։ Լատինամերիկացի երիտասարդները հոն պիտի փոխադրեն նաեւ ''Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն'' Տիրամօր սրբանկարը։
Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Ժոզէֆ Գլեմենս, արտայայտուելով երիտասարդութեան համաշխարհային 29-րդ օրուայ մասին, յայտնած է որ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին սրբադասումը, առաւել սլացք մը պիտի տայ Երիտասարդներուն եւ Գրագովիայի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան։








All the contents on this site are copyrighted ©.