2013-11-04 12:13:15

Բարգաւաճող երկիրներու ցանկին մէջ Հայաստան 95րդն է


ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Բրիտանական «Լեկադում ինսթիթիութ» կազմակերպութիւնը հրապարակած է աշխարհի ամէնէն բարգաւաճող երկիրներու «Փրոսփերիթի ինտեքս» տարեկան վարկանիշը: Հայաստան ցանկին մէջ 95րդն է՝ 142 երկիրներու մէջ: 2012 թուականի վարկանիշին հետ բաղդատելով՝ Հայաստան այս տարի իր կացութիւնը բարեւալած է երեք դիրքով։
Վերջնական արդիւնքը կատարուած է հիմնուելով կարգ մը բաժանմունքներու վրայ։ Տնտեսական վիճակով Հայաստան յայտնուած է 116րդ դիրքին վրայ, ձեռնարկատիրութեան պայմաններով՝ 75րդ, պետական կառավարման՝ 89րդ, կրթութեան՝ 42րդ, առողջապահութեան՝ 87րդ, անվտանգութեան՝ 65րդ, անձի ազատութեան‘ 117րդ, հանրային դրամագլուխով՝ 129րդ:
Ցանկին մէջ առաջին դիրքի վրայ է Նորվեկիան, երկրորդ՝ Զուիցերիան։ Անկէ ետք կու գան Քանատան, Շուէտը եւ Նիւ Զիլանտան։
Աշխարհի մէջ ամէնէն վատ դիրքերը ունին Աֆղանիստանը՝ 139 հորիզոնական, Քոնկոն՝ 140, Կեդրոնական Ափրիկեան Հանրապետութիւնը՝ 141, Չատը՝ 142րդ:
Ըստ ցանկին, Ռուսիան 61րդ դիրքի վրայ է, Ատրպէյճանը՝ 81, Վրաստանը՝ 84, Թուրքիան՝ 87:







All the contents on this site are copyrighted ©.