2013-11-04 13:25:09

Արեւելքի քրիստոնեաներու առաջին համաժողով Պէյրութի մէջ


2 եւ 3 նոյեմբեր 2013-ին, Պէյրութի «Հիլդոն» պանդոկին մէջ գումարուեցաւ Արեւելքի Քրիստոնեաներու առաջին համաժողովը, կազմակերպութեամբ «Քրիստոնեայ Համախմբում»ին եւ մասնակցութեամբ Արեւելքի մեծ թիւով քրիստոնեայ հոգեւոր, քաղաքական եւ մտաւորական անձնաւորութիւններու, քննարկելու համար Արեւելքի քրիստոնեաներու գոյութեան խնդիրները եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները։ Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցիչ՝ գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան եւ նախկին երեսփոխան Ժագ Չուխատարեան:

Համաժողովի եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը կ՚ընդգծէ տարածաշրջանէն ներս քրիստոնեաներու դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը, եւ կ՚անդրադառնայ քրիստոնեայ հասարակութեան մտավախութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն: Հաղորդագրութիւնը կը հաստատէ թէ քրիստոնեաներու գոյութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ վտանգուած է` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ անոնց չգոյութիւնը պիտի յանգեցնէ յարատեւ պատերազմներու: Ան նաեւ կը շեշտէ որ քրիստոնեայ ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ հիմնական է խաղաղութեան եւ հանդուրժողականութեան արժէքներու տարածման եւ ամրապնդման համար: Վերջապէս, հաղորդագրութիւնը կոչ կ՚ուղղէ արդար ու խաղաղ լուծումներ գտնելու պաղեստինեան եւ սուրիական տագնապալի հարցերուն, ինչպէս նաեւ համերաշխ եւ հաւասարակշռուած համակեցութիւն ապահովելու Լիբանանի տարբեր համայնքներուն միջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.