2013-11-04 12:13:48

122,000 Հայաստանցի հեռացած է երկրէն


Ըստ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն՝ 2013 թուականի Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն Հայաստանի 122 հազար 191 քաղաքացի անցած է սահմանային անցակէտերը եւ չէ վերադարձած: Նախորդ տարի չվերադարձածներուն թիւը 109 հազար 405 էր: Այս մասին կը յայտնէ “Ազատութիւն” ռատիկայանը։
Այս թիւերը անգամ մը եւս մտահոգութիւն եւ անհանգստութիւն յառաջացուցած են ժողովուրդին մէջ, որովհետեւ այս տուեալները ձեւով մը կը կապուին արտագաղթի հետ: Միւս կողմէ պետական պաշտօնեաները կը շարունակեն պնդել, որ ասիկա պարզապէս սահմանահատումներու պատկերն է, իսկ արտագաղթի պատկերը պիտի յստականայ տարեվերջին հրապարակուելիք ուսումնասիրութիւններուն ընդմէջէն:
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան Մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի պետ Կարինէ Կույումջեանի համաձայն՝ արձանագրուածը սոսկ մեքենական տեղաշարժ է. «Մենք ոչ պատճառը գիտենք, ոչ էլ այս ցուցանիշների մէջ ներառուած է, թէ ինչ ժամկէտներով են մարդիկ գնացել, որպէսզի մենք կարողանանք իրենց վերագրել «միգրանտ» կոչումը»:
Հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, 1 միլիոն 118 հազար 683 մարդ, միայն Հայաստանի քաղաքացիներ, այս տարուան 9 ամիսներուն դուրս եկած են երկրէն: Մինչդեռ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին այդ թիւը չէր հասներ նոյնիսկ 1 միլիոնի՝ 957 հազար 153: Փաստօրէն այս տարի երկիրէն մեկնողներուն թիւը աւելցած է 161 հազար 530ով: Այս կը նշանակէ, որ մեկնողներուն թիւը աւելցած է 11.5 տոկոսով:
Կ. Կույումջեան հաստատած է, որ հիմնականօրէն վերադարձ կ՛արձանագրուի Հոկտեմբեր, Նոյեմբեր, Դեկտեմբեր ամիսներուն. ան օրինակ բերած է այն, որ անցած տարեվերջին բացասական հաշուեկշիռը 109 հազար 405էն հասած է 42 հազարի:
Միւս կողմէ, կրկին Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը յայտնած է, որ 1 Հոկտեմբերի դրութեամբ Հայաստանի բնակչութիւնը նուազած է 10 հազարով՝ տարեսկիզբի թիւին հետ բաղդատելով։ 1 Հոկտեմբերին Հայաստանի մնայուն բնակչութեան թիւը եղած է 3017 հազար մարդ, որուն 913,4 հազարը կը բնակի քաղաքներուն մէջ, 1,103,6ը՝ գիւղերուն:
Ըստ գործակալութեան, ձեւաւորուած բացասական ցուցանիշը կը գերազանցէ բնակչութեան բնական աճը:
Երեխաներու ծնունդներուն թիւը այս տարուան 9 ամիսներուն նուազած է 1.9 տոկոսով՝ կազմելով 30,477: Մահերուն թիւը եւս նուազած է 3 տոկոսով, կազմելով 20,268։ Այս մասին յայտնած է ԱՌԿԱ գործակալութիւնը:
Հոկտեմբերին սկիզբը Հայաստանի գործատուներու հանրապետական միութեան նախագահ Գագիկ Մակարեան յայտնած է, որ աշխատանքային գաղթականներուն միայն 2-3 տոկոսը կրկին մնայուն բնակութեան համար Հայաստան կը վերադառնայ: «Ցաւօք, մարդիկ վերադառնում են ոչ թէ կամաւոր, այլ պարտադրուած, ելնելով տարբեր պատճառներից»։
Ան նշած է, որ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել Հայաստան վերադարձածներուն կարելիութեան եւ կարողականութեան, քանի որ երկիրէն դուրս գտնուած հանգրուանին անոնք նոր ունակութիւններ ձեռք կը բերեն: «Սակայն, այդ պոտենցիալը մինչեւ վերջ չի օգտագործւում, ինչը կարող է մարդկանց կրկնակի միգրացիայի պատճառ դառնալ: Այդ մարդիկ մէկ անգամ արդէն յաղթահարել են մեկնելու պատնէշը, երկրորդ անգամ նրանց համար աւելի հեշտ կը լինի մեկնելը», նշած է Մակարեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.