Նոյեմբեր ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն Սրբազան Քահանայապետը ընտրած է.
-
Որպէս ընդհանուր դիտաւորութիւն. Որպէսզի քահանաները որ դժուարութիւններու կը հանդիպին,
իրենց տառապանքներու եւ տարակոյսներու ընթացքին գտնեն մխիթարութիւն եւ հաւատարմութեան
մէջ հաստատուելու աջակցութիւն։
- Իսկ որպէս առաքելական դիտաւորութիւն. Որպէսզի
Լատին Ամերիկայի եկեղեցիները, որպէս ցամաքամասային առաքելութեան արդիւնք, այլ եկեղեցիներուն
ուղարկեն նոր առաքեալներ։