2013-11-01 09:58:11

Սուրիա Ամբողջացուցած Է Քիմիական Զէնքի Արտադրութեանց Գործիքներու Բնաջնջումը


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ քիմիական զէնքերը բնաջնջելու աշխատանքը ստանձնած Քիմիական զէնքերու արգիլման կազմակերպութիւնը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին յայտարարեց, թէ Սուրիա որոշուած թուականէն մէկ օր առաջ իսկ ամբողջացուցած է քիմիական զէնքի արտադրութեանց բոլոր գործիքներուն բնաջնջումը: Կազմակերպութիւնը աւելցուցած է, թէ բնաջնջումը վաւերացուած է իր մասնագէտներուն կողմէ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու համաձայնութեան գործադրութիւնը՝ «ազդու կերպով կ՛ընթանայ, հակառակ զայն ձախողութեան մատնելու փորձերուն», նշելով, որ ««Ժընեւ-2»ին կարգ մը ուժերու մասնակցութիւնը մերժելը կապուած է Ուաշինկթընի կողմէ Սուրիոյ հարուած մը հասցնելու որոշումէն ետդարձ կատարելուն»:
Լաւրով յայտարարեց, որ «Ժընեւ-2»ի գումարման հեռանկարները ի յայտ պիտի գան յառաջիկայ շաբաթ Ժընեւի մէջ Լախտար Իպրահիմիի մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք խորհրդակցութեանց ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.