2013-11-01 09:48:19

Հայաստանի Մէջ Սուրիահայերուն Տրուած Արտօնութեան Ժամկէտը Կ’երկարաձգուի


Կառավարութիւնը Գեղարքունիքի Գաւառ մարզկեդրոնին մէջ Հոկտեմբեր 31-ին տեղի ունեցած արտագնայ նիստին թոյլատրեց Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն կողմէ 1 Յուլիս 2012-էն ետք ներմուծուած ինքնաշարժներու նկատմամբ կիրառուած «Ժամանակաւոր ներմուծում» մաքսային կարգի ժամկէտը երկարաձգած է մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2014-ը, կը հաղորդէ կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը: Մաքսային մարմիններ դիմելու համար սուրիահայերը պէտք է ներկայացնեն Սփիւռքի նախարարութեան գրութիւնը:
Յաջորդ որոշումով մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2014 երկարաձգուած է նաեւ սուրիահայերու` առանց որակաւորման քննութիւն յանձնելու վարորդական վկայականները փոխանակելու ժամկէտը:








All the contents on this site are copyrighted ©.