2013-11-01 10:04:42

Լոս Անճելըսի հայ կաթողիկէ Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60 ամեակ:


Կիրակի, 27 հոկտեմբեր 2013-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, քաղաքամէջի հայ կաթողիկէ Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 60 ամեակին առթիւ, եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը եւ ծիսական խորհուրդը հրաւիրած էին արհիապատիւ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանը, մատուցելու սուրբ Պատարագը: Գերապայծառ հայրը պատարագեց, առընթերակայ ունենալով եկեղեցւոյ հովիւ՝ հայր Արմենակ Պետրոսեանը եւ Կլենտէյլի հայ կաթողիկէ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համագործակից ժողովրդապետ՝ հայր Անտոն Նորատունկեանը: Պատարագին ներկայ կը գտնուէին Լոս Անճելըսի քաղաքի կաթողիկէ եկեղեցւոյ օգնական եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Էտուըրտ Քլարք, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հիւպատոս՝ Տէր եւ Տիկին Ճոնի Իպրահիմ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Պատարագի ընթացքին, գերապայծառ հայրը գնահատելով հայր Արմենակ Պետրոսեանի անխոնջ աշխատանքները, վարդապետական գաւազան շնորհեց անոր:
Գերապայծառ հայրը փոխանցեց օրուան յատուկ պատգամը: Նախ եւ առաջ ըրաւ պատմականը Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցւոյ 60-ամեայ գործունէութեան: Յիշեց, թէ մեծ թիւով ռուսահայեր 1943-ին Գերմանիա փոխադրուած էին որպէս պատերազմի գերիներ եւ հոն մնացած՝ մինչեւ 1949:

1949-ին, շնորհիւ Մխիթարեան վարդապետ հայր Միքայէլ Աքեանի, անոնք փոխադրուեցան Ամերիկայի զանազան քաղաքները, ինչպէս՝ Նիւ Եորք, Պոսթոն, Նիու Օրլէանզ, Սան Ֆրանսիսքօ, Լոս Անճելըս, եւ այլն: Գերապայծառ հայրը գովերգեց հայր Միքայէլին տարած աստուածահաճոյ աշխատանքը: Ապա, մէկ առ մէկ յիշեց բոլոր նախկին ժողովրդապետները, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տարած աշխատանքին, որոնց շնորհիւ այս համայնքը հասաւ ներկայ բարգաւաճ վիճակին:
Ապա, գերապայծառ հայրը իր խօսքին մէջ շեշտեց. «Այս 60 ամեակը անիմաստ պիտի ըլլար, եթէ զայն չնուիրէինք Աստուծոյ, իր շնորհած անհամար բարիքներուն համար: Մասնաւորաբար նշեց 3 կարեւոր ազդակներ. ա.- ճանչնալ մեր ինքնութիւնը, բ.- ըլլալ գիտակից հայ եւ պարտաճանաչ քրիստոնեաներ, եւ գ.- գիտնալ ու գնահատել մեր առաքելութիւնը»:

Իր խօսքի աւարտին, արհիապատիւ հայր Միքայէլ մէջբերում մը ըրաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 26 հոկտեմբերին տուած պատգամէն, ուղղուած՝ ընտանիքներուն. «Դուք կորիզն էք մարդկութեան, որ կը հրաւիրէ բոլորդ դիմագրաւելու ամէնօրեայ մարտահրաւէրները, հակառակ բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն: Ապրեցէ՛ք քրիստոնէական հաւատքի երջանկութիւնը, որուն օրինակն է նոյնինք Սուրբ Կոյս Մարիամ, որուն նուիրուած է Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցին: Անշուշտ Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը կը յարմարին նաեւ մեր ազգին, որուն նուիրուած է Թագուհի Մարտիրոսաց եկեղեցին, քանի մենք հայերս ալ մարտիրոսացած ժողովուրդ մըն ենք»:
Պատարագին յաջորդեց մտերմիկ սիրոյ սեղան մը, կազմակերպուած եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.