2013-11-01 10:31:18

Առանց հաւատքի կեանք չկայ


Առանց հաւատքի մարդս չի կրնար ապրիլ, ինչպէս առանց հացի չի կրնար սնանիլ. մտքի գոհացումը միայն փորձառական գիտութիւնով չի ստացուիր. մեր առօրեայ ծանօթութիւններուն մեծ մասը բնական հաւատքի վրայ հիմնուած են: Հաւատք ունինք մեր ծնողներուն, մեր անկեղծ բարեկամներուն վրայ. հաւատք ունինք մեր ուսոգցիչին աւանդած նիւթերուն մասին, որքան ալ անձամբ այդ նիւթերուն տեղեակ չենք. կը հաւատանք նոյնիսկ վաճառական մարդուն ապրանքին վաւերական եւ օգտակար ըլլալուն, առանց ճանչնալու թէ այդ ապրանքը ինչպէս պատրաստուած է: Հաւատք ունինք բժշկին վրայ, թէ անոր գործն ու գործիքը մեզ պիտի առողջացնեն: Հաւատք ունինք հասարակ մարդոց վրայ, որ մեզ անծանօթ ուղիի մը բացատրութիւնը կու տայ. ուստի յայտնի է թէ մեր կեանքին մէջ, յաճախ հաւատքով է որ կը շարժինք քան մեր անձական գիտութեամբ կամ փորձառութեամբ: Եւ այս կը կոչուի մարդուս մէջ բնական հաւատք:
Սակայն այլ տեսակ հաւատ մըն ալ կայ, զոր կը կոչենք գերբնական հաւատքը: Գերբնական հաւատքը այն է, որ կը հաւատանք բնութեան ուժերէն եւ օրէնքէն վեր բանի մը յայտնութեան, գործի մը, անձի մը կը հաւատանք որ փաստերն ունի վաւերականութեան կամ հեղինակութիւնն ունի ճշմարտութիւններ յայտնելու, որոնք գիտութեան ծիրին մէջչեն իյնար, այինքն երկրաւոր չեն, ինչպէս որ ըսաւ Յիսուս. « արդ եթէ երկնաւոր բաներու մասին խօսեցայ ձեզի եւ չէք հաւատար, ինչպէ՞ս ուրեմն պիտի հաւատաք երկնաւոր բաներու մասին» (Յով. գ. 12):
Նախ՝ մեր մէջ հաւատքը գերբնականին հանդէպ ստացած ենք մեր մանկութեան անգիտակից օրէրուն, մեր մայրենի լեզուին բառերուն հետ լսած ենք հայր, մայր, քոյր, եղբայր խօսքերուն հետ Աստուած, Քրիստոս, Յիսուս անունները: Անգիտակից այդ խօսքերուն ներքին իմաստին, մեր մէջ տպաւորուած են մայրենի կաթին հետ, իբր սերմեր ցանուած մեր մանկական սահմանափակ ըմբռնողութեան մէջ եւ հաւատացած ենք այդ բառերու զօրութեան, որ մեր կեանքին հետ ընտանի եւ տեւական մնացած են մեր բովանդակ կեանքին մէջ եւ փորձած իսկ չենք հարցնել՝ թէ ի՞նչ է նշանակութիւնը այդ բառերուն, ինչպէս որ չենք հարցուցած օրինակ թէ ի՞նչ ենք, որմէ՞ ծնած ենք, թէ ինչո՞ւ կ՛ապրինք, որովհետեւ հաւատքը մեր կեանքն իսկ եղած է իր սնունդովը եւ զօրութեամբ, եւ մեր անհատին մէջ եւ շնչառութեան հետ ապրած է եւ կ՛ապրի եւ փորձուած չենք անդրադառնալու թէ որմէ՞ կամ ուստի մեր մէջ իր գոյութիւնը սկսած է, այնպէս, ինչպէս որ չենք հարցուցած բնաւ թէ մեր աղօտ լոյսի ճրագը ինչո՞ւ պատին վրայ զետեղուած է կամ ո՞վ դրած է հոն. այնքան բնական եղած է հաւատքը մեր մէջ, որ լուսաւորած է մեր կեանքին գերբնական ուղին: Ինչպէս Նարեկը այնքան պատկերաւոր կը բացատրէ հաւատքի ճառագայթումը մեր ներաշխարհին մէջ. « Ճառագայթ քոյ փառացդ, ի մտացս խորհրդանաց ջահեսցի»: Հաւատքի ճառագայթը թող ջահաւորուի մտքիս խորհրդանոցին մէջ»: Որքա՛ն խորհրդաւոր է հաւատքի ջահին ճառագայթումը հոգիին մէջ, որ լոյս է մշտավառ եւ խաւարի երբեք չի կրնար մօտենալ լոյսի սահմաններուն:









All the contents on this site are copyrighted ©.