Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Յիսուսեան Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտարարեց թէ
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որոշած է, յառաջիկայ 2014-ի, 22 փետրուարին, գումարել
կարտինալական խորհրդաժողով մը, ինչպէս յայտնած էր նոյնինքն Քահանայապետը, անցեալ հոկտեմբերին,
կարտինալական ութեակ խորհուրդի նիստերուն ընթացքին։ Հայր Լոմպարտին յայտարարեց նաեւ
թէ Կարտինալական խորհրդաժողովէն առաջ հաւանական է որ տեղի ունենայ Կարտինալներու խորհրդակցական
նիստ, որմէ առաջ 17 եւ 18 փետրուարին նախատեսուած է ''կարտինալական ութեակ խորհուրդի''
ժողովը, մինչ խորհրդաժողովէն ետք, 24 եւ 25 փետրուարին, տեղի պիտի ունենայ ''սիւնհոդոսի
խորհուրդի'' ժողովը։