2013-10-31 10:30:08

Փութին աշխարհի ամենաազդեցիկ անձը կը նկատուի «Ֆորպզ»ի կողմէ


ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին գլխաւորած է «Ֆորպզ» թերթի այս տարուան աշխարհի ամենաազդեցիկ անձերու ցանկը՝ իր ետին ձգելով նախորդ տարուան «ամենաազդեցիկը»՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման:
Փութին ամենաբարձր վարկանիշը ապահոված է, որովհետեւ շատ յաճախ իր ուժը ցուցադրած է իր երկիրին մէջ եւ համաշխարհային բեմի վրայ: Իբրեւ օրինակ կը յիշուին ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց համար վերլուծական աշխատանք կատարած Էտուըրտ Սնոտընին ապաստանեալի իրաւունք շնորհելու որոշումը եւ Սուրիոյ տագնապին կապակցութեամբ անոր քայլերը:
Ցանկին վրայ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Օպաման, իսկ երրորդ տեղը՝ Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկ:
Չորրորդէն վեցերորդ տեղերը յաջորդաբար կը գրաւեն՝ Ֆրանսիս պապը, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը եւ «Մայքրոսոֆթ»ի հիմնադիր Պիլ Կէյցը:
Վերջերս Անտրէյ Սորեսքու «Հաֆինկթըն Փոսթ»ին մէջ գրած էր, թէ այս տարուան ընթացքին Փութինի իրագործումները այնքա՛ն շատ էին, որ անոր անունը կը յիշատակուէր նոյնիսկ Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակի թեկնածուներու կարգին։ «Ներկայիս Փութին կը գտնուի համաշխարհային դիւանագիտութեան բարձունքի վրայ է, մինչդեռ քանի մը ամիս առաջ կացութիւնը տարբեր էր: Ամէն ինչ փոխուեցաւ Օգոստոսին, Դամասկոսի մէկ արուարձանին մէջ քիմիական զէնքի գործածութենէն ետք։ Երբ Ամերիկա, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա կը պատրաստուէին Սուրիոյ դէմ պատերազմ հռչակելու, Փութին զանոնք զրկեց այդ կարելիութենէն՝ առաջարկելով ոչնչացնել սուրիացիներու քիմիական զինանոցը։ Անսպասելի այս հանճարեղ մտայղացումը գործադրուեցաւ մեծ հմտութեամբ։
Մինչ այդ, Մոսկուա Հոկտեմբեր 30ին «անլուրջ» որակեց արեւմտեան մամուլին մէջ տարաձայնուած այն տեղեկութիւնները, թէ «Քսաններու խմբակ»ի գերաստիճանին, Փութինի կողմէ այլ ղեկավարներու տրուած նուէրներուն մէջ լրտեսական սարքեր դրուած էին:







All the contents on this site are copyrighted ©.