2013-10-31 10:13:59

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստ


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ցաւ յայտնուեցաւ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող արիւնահեղութեան առնչութեամբ` շեշտելով, որ արիւնալի այդ բախումները կ՛արձանագրեն զոհեր ու վիրաւորներ` խանգարելով լիբանանեան հանրութեան առօրեան:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը իր հաղորդագրութեան մէջ ընդգծեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած զինեալ բախումները շրջանային հակադիր ուժերու միջեւ հաշիւներ մաքրելու քայլեր կը նկատուին:
Հաղորդագրութեան մէջ ողջոյնի արժանացաւ բանակը, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիր մը կը գործադրէ, որպէսզի իր հակակշիռը բանեցնէ քաղաքին վրայ:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց զինեալ կողմերը լիբանանեան քաղաքական հովանաւորութենէ զերծ կացուցելու, որպէսզի քաղաքին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ կազմելու կառավարութիւն մը` ցաւ յայտնելով Սուրիոյ իրավիճակին հետ այդ կառավարութեան կազմութեան ունեցած ուղղակի կապին մասին:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ընդգծեց նաեւ երեսփոխանական եւ նախագահական ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շնորհաւորեց լիբանանցիները` առեւանգուած լիբանանցիներուն տունդարձին առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսները եւս ազատ արձակուին, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ Սուրիոյ եւ Նիկերիոյ բանտերուն մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիները իրենց կարգին տուն վերադառնան:







All the contents on this site are copyrighted ©.