ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը պիտի այցելեն Պաքու
եւ Երեւան
Ըստ «Արմենփրես»-ին, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մամլոյ ծառայութիւնը
«Ազերիփրես»-ին հաղորդած է, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները
յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը պիտի այցելեն Պաքու, յետոյ` Երեւան: Դեսպանատան մամլոյ
ծառայութիւնը նշած է, որ այցելութեան ընթացքին միջնորդները հանդիպումներ պիտի ունենան
ազրպէյճանցի քաղաքական պաշտօնատարներու հետ եւ պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի
լուծման ընթացքը: Համանախագահներուն այցելութեան նպատակն է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն
հերթական հանդիպման կազմակերպումը: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս
Ուորլիք 21 հոկտեմբերին կարճաժամկէտ այցելութիւն մը տուած էր Պաքու: