2013-10-30 10:14:16

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը սուրիահայ կաթողիկէ գաղթականները կ'այցելէ


Երկուշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2013, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ՝ փոխ ժողովրդապետ, հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանին եւ հայ կաթողիկէ Գարիդասի տնօրէնուհի՝ տիկին Անի Գալուստին, այցելեց սուրիահայ կաթողիկէ գաղթականներու, մօտէն հետաքրքուելու համար անոնց վիճակով ու կարիքներով, մխիթարելով ու քաջալերելով զանոնք: Տիրոջ օրհնութիւնը հայցելով ամէն տան վրայ, ուր մուտք կը գործէր, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր այցելութիւնը կ'աւարտէր աւանդական տնօրհնէքով (հացին, ջուրին եւ աղին):







All the contents on this site are copyrighted ©.