2013-10-30 09:18:59

Սուրիոյ փոխվարչապետը պաշտօնազրկուեցաւ


Սուրիոյ փոխվարչապետ Քատրի Ժամիլ պաշտօնազրկուեցաւ: ՍԱՆԱ լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ տնտեսական հարցերով փոխվարչապետ Քատրի Ճամիլ, նախագահ Պաշշար Ասատի հրահանգով ազատուած է պաշտօնէն՝ առանց նախազգուշացնելու աշխատավայրէն բացակայելու եւ պարտականութիւնները չկատարելու պատճառով:
Պաշտօնանկութեան պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ առանց կառավարութեան հետ համադրելու, հանդիպումներ ունեցած է արտասահմանի մէջ:
Քատրի Ժամիլ կը նկատուի ներքին չափաւոր ընդդիմութեան ներկայացուցիչ, ընդդիմադիր «Ժողովրդային Ճակատ»-ի ղեկավարը:







All the contents on this site are copyrighted ©.