2013-10-30 13:24:40

Կոչ Սուրիահայերուն. Պատուաստուիլ Մանկական Անդամալուծութեան Դէմ։


Սուրիոյ մէջ կը սպառնայ մանկական անդամալուծութեան (poliomyelitis) համաճարակը: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է Սուրիոյ հարեւան երկիրներուն կանխարգելիչ միջոցմներ ձեռնարկել` հիւանդութեան տարածումը կանխելու համար: Մանկական անդամալուծութիւնը հաշմանդամութիւն յառաջացնող անբուժելի հիւանդութիւն է: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յորդորած է վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստան ներգաղթած սուրիահայերուն՝ մինչեւ 15 տարեկան երեխաները ներկայացնել բնակութեան վայրի բուժարան` հիւանդութիւնը յայտնաբերելու եւ անվճար պատուաստումներ ստանալու համար: Հայաստանի մէջ մանկական անդամալուծութեան դէպք չէ եղած արդէն 17 տարիէ ի վեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.