2013-10-30 10:21:25

Լիբանանեան բանակը յաւելեալ ուժեր կը զետեղէ Թրիփոլիի մէջ


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Տէյլի Սթար».- Թրիփոլիի մէջ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին համեմատական խաղաղութիւն կը տիրէր, մինչ լիբանանեան բանակը կացութիւնը զսպելու նպատակով յաւելեալ ուժեր կը տեղադրէր ճակատող կողմերուն միջեւ:
Զինեալ բախումներն ու արձակազինութիւնը Երկուշաբթի օր շարունակուած էին. երեկոյեան, Սուրիա փողոցն ու Պաքքարի շրջանը ռմբակոծուած էին՝ պատճառելով մեծ թիւով վիրաւորներ: Բախումները ցարդ 16 զոհ եւ մօտաւոպրապէս 100 վիրաւոր խլած են:
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ բանակին որդեգրած բոլոր քայլերը Թրիփոլիի մէջ ապահովութիւնը պիտի վերահաստատեն:
Իր կարգին, հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար կոչ ուղղեց Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն՝ չյարձակելու լիբանանեան բանակին վրայ:
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայէզ Ղոսըն կոչ ուղղեց Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն մեղսակցող կողմերը հաշուետուութեան կանչելու:
Միւս կողմէ, Լիբանանի պետական թանգարանի մուտքին Երկուշաբթի օր կազմակերպուեցաւ բողոքի նստացոյց մը, որուն ընթացքին մերժուեցաւ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող արիւնահեղութիւնը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանէն եւ քաղաքական իշխանութիւններէն պահանջուեցաւ լուծել երկիրին ու քաղաքացիին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ստանձնել սահմանադրական իրենց պատասխանատուութիւնները:
Նստացոյցին պատկերասփռուած ճառերով միացան իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներու չորս հոգեւոր պետեր, որոնք ընդգծեցին Լիբանանի փրկութեան համար ամէն ջանք ի գործ դնելու անհրաժեշտութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.