2013-10-30 11:50:51

«Երեւան Շօ-2013» ոսկերչական միջազգային ցուցահանդէսի բացում


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ առաջին Տիկին Ռիտա Սարգսեանը 28 Հոկտեմբերին, Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ ներկայ գտնուած են «Երեւան շօ-2013» ոսկերչական միջազգային ցուցահանդէսի բացման արարողութեան:
Ձեռնարկը տեղի ունեցած է Հայաստանի կառավարութեան որոշումով ամրագրուած մասնագիտական տօնին՝ Ոսկերիչի ազգային օրուան յաջորդող օրը:
Արդէն աւանդական դարձած ցուցահանդէսին այս տարի եւս մասնակցած են ոսկերչական իրերու եւ ժամացոյցներու արտադրութեան աշխարհահռչակ ընկերութիւններ, ոսկերիչներ, ոսկերչական զարդերու մատակարարներ Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ աշխարհի աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներէ: Ցուցահանդէսին մասնակցելու համար տարբեր երկիրներէ Հայաստան եկած են նաեւ շուրջ 140 գնորդներ, ինչ որ կազմակերպիչներուն հաստատումով, լաւ առիթ կու տայ տեղական ընկերութիւններուն՝ սպառման նոր շուկաներ գտնելու:
Հանրապետութեան նախագահը այցելած է ցուցահանդէսի տաղաւարները, դիտած տեղական եւ օտար հարիւր քսանհինգ ընկերութիւններու կողմէ ներկայացուած ոսկերչական իրերը, ոսկերչական արտադրութեան սարքաւորումներն ու գործիքները, զրուցած է մասնակիցներուն հետ՝ ոլորտի խնդիրներուն եւ զարգացման հետագայ ծրագիրներուն մասին:
Ձուցահանդէսի ծիրին մէջ նախատեսուած է կայացնել «Ոսկերչական ճիւղի արդի վիճակը. խնդիրներ եւ հեռանկարներ» խորագիրով համաժողովը, որուն ընթացքին «Հայ ոսկերիչների համաշխարհային միութեան» (AJA) նախագահ Գագիկ Գէորգեանը պիտի ներկայացնէ միութեան կողմէ պատրաստուած Երեւանի մէջ ոսկերչական ազատ տնտեսական գօտիի ստեղծման նախագիծը: Համաժողովին ընթացքին պիտի ներկայացուի նաեւ «Հայ ոսկերիչների համաշխարհային միութեան» հետազօտական նորաստեղծ Հայ ոսկերիչներու հիմնադրամը







All the contents on this site are copyrighted ©.