2013-10-29 14:09:25

Միջկրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի յայտարարութիւնը Իրաքի մասին։


29 հոկտեմբերին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ, Քահանայապետական Միջկրօնական Երկխօսութեան Խորհուրդը, յայտնեց թէ` այս օրերուն, վերոյիշեալ խորհուրդի կեդրոնին մօտ ու անոր կազմակերպութեամբ, տեղի կ՛ունենայ վեհաժողով մը ընդմէջ Քահանայապետական Միջկրօնական Երկխօսութեան Խորհուրդին եւ Իրաքի Կրօնական Հարցերու Նախարարութեան` Շիիդ, Սիւննիդ, Քրիստոնեայ, Եազիտի եւ Սապէա կրօններու ներկայացուցիչներուն։ Ժողովին կէտնպատակն է, միասնաբար համագործակցիլ ստեղծելու` ''երկխօսութեան մնայուն խորհուրդ'' մը, Իրաքի զանազան կրօնական հասարակութիւններու միջեւ։
Վեհաժողովի բացումը կատարեց Միջկրօնական Երկխօսութեան Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանը։ Գումարուած այս կարեւոր առաջին միջկրօնական վեհաժողովը առիթ մըն է իրար զիրար մօտէն ճանչնալու եւ միասնաբար քննարկելու երկխօսութեան հեռանկարները - կը կարդանք միշտ հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ - որ ապա կը յայտնէ թէ ժողովը վերջ կը գտնէ 30 հոկտեմբերին, ժողովականներուն առիթ ընծայելով հանդիպելու Սրբազան Քահանայապետին։








All the contents on this site are copyrighted ©.