2013-10-28 11:53:42

''Երրորդ հազարամեակի եւրոպական հաստատութիւն'' հիմնարկութեան 10-րդ տարեդարձի հանդիսութիւն։


Հռոմի Գոլումպուս կոչուած պանդոկին մէջ, երկուշաբթի 28 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 17,30-ին, տեղի կ'ունենայ ''Երրորդ հազարամեակի եւրոպական հաստատութիւն'' հիմնարկութեան 10-րդ տարեդարձի հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին կը շնորհուի ''Պարզ հաղորդակցութիւն'' մրցանակը եւ որ 2013-ին շնորհուած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին որպէս ''տարուայ հաղորդող''։ Քահանայապետի անունով մրցանակը պիտի ընդունի Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Յիսուսեան հայր ֆրետերիքօ Լոմպարտին ։ Հանդիսութեան կը մասնակցին ազգային եւ միջազգային մամլոյ զանազան ներկայացուցիչներ։
''Երրորդ հազարամեակի եւրոպական հաստատութեան'' անդամ են աւելի քան 500 իտալացի մասնագէտներ։ Վերոյիշեալ հաստատութեան առաջնահերթ գործունէութիւնն է խորհուրդներ տալ, ընկերային հաղորդամիջոցներու մարզէն ներս, կառավարական զանազան հաստատութիւններու եւ անհատական ընկերութիւններու։








All the contents on this site are copyrighted ©.