Աւստրիա Ֆինանսական աջակցութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստան հաստատուած Սուրիահայերուն
Աւստրիան յայտարարած է, որ 600 հազար եուրօ օգնութիւն պիտի տրամադրէ բռնութիւններու հետեւանքով
Սուրիոյ մէջ իրենց տուները լքած եւ Հայաստան հաստատուած փախստականներուն: «Սուրիական
ճգնաժամի հետեւանքները նաեւ Հայաստան հասած են, ուր աւելի քան 9 հազար սուրիացի փախստականներ
հաստատուած են»,- յայտարարած է Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Միխայել Շպինտելեգըր:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը: Ան տեղեկացուցած է նաեւ, որ Աւստրիոյ մէջ հաստատուած
սուրիացի փախստականներուն կէսը երեխաներ են, որոնք թերսնուած են: Ըստ նախարարին՝ Հայաստանի
կառավարութիւնը դիմած է Աւստրիոյ՝ փախստականներուն կացարանով ապահովելու հարցով օժանդակելու,
նաեւ տրամադրելու այլ կարգի օգնութիւն: Ընդհանուր առմամբ, Աւստրիան սուրիացի փախստականներու
աջակցութեան համար մինչեւ այսօր յատկացուցած է 7,4 միլիոն եուրօ: