2013-10-28 10:02:53

«Սուրիական ընդդիմութիւնը ֆինանսաւորողները կ՛ուզեն «Ժընեւ-2»-ը ձախողեցնել» կ՛ըսէ Փուշքով


Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով յայտնեց, որ Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողովը ձախողութեան մատնելու հարցով հետաքրքրուած խմբակին անդամները սուրիական ընդդիմութեան օտար հովանաւորներն են:
Ան «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ սուրիական ընդդիմութեան 19 խմբաւորումներ, որոնք առանց արտաքին աջակցութեան չեն կրնար գործել, մերժեցին «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը` նշելով, որ «զանոնք ֆինանսաւորողները կ՛ուզեն զայն ձախողեցնել»:
Նշենք, որ սուրիական ընդդիմութենէն 19 զինեալ ջոկատներէ կազմուած «Սուքուր Շամ» խմբաւորումը յայտարարեց, որ կը մերժէ «Ժընեւ-2»-ին մասնակցիլ եւ խորհրդաժողովին մասնակցող որեւէ անձ դաւաճան կը նկատէ:
Խմբաւորումը յայտարարեց, որ Ժընեւը երբեք չէ եղած եւ պիտի չըլլայ սուրիացի ժողովուրդին ընտրանքը կամ իրենց յեղափոխական պահանջներուն տարբերակը:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի այսօր պիտի այցելէ Դամասկոս, ուր հանդիպում պիտի ունենայ սուրիացի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ սուրիական ընդդիմադիր կուսակցութիւններէ անձնաւորութիւններու եւ ներկայացուցիչներու հետ` քննարկելու համար «Ժընեւ-2»-ի մանրամասնութիւնները:
Մինչ այդ, Իպրահիմի երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Վերջինս հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Իրան Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու համար ամէն օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերէ:
Թրքական բանակն ու Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պահանջեցին փակել Սուրիոյ հետ Շան Եուրթ սահմանային անցքը, որովհետեւ անիկա վերածուած է քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան համար երթեւեկի ապահով անցքի մը:
Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ «Սուրիա քիմիական զէնքի ոչնչացման վերաբերեալ յայտարարագիրն ու ոչնչացման ընդհանուր նախագիծը ներկայացուցած է»:







All the contents on this site are copyrighted ©.