2013-10-27 10:43:59

Ընտանիքներու Հաւաքը Սուրբ Պետրոսի մէջ


''75 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 100 հազար հաւատացեալներ''

Գոյնզգոյն փուչիկներու զարդարանքով, խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, շաբաթ, 26 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, սկիզբ առաւ ընտանիքներու ուխտագնացութիւնը` սուրբ Պետրոսի դամաբանին, որուն բանաբանն էր ''Ընտանիք ապրէ հաւատքի ուրախութիւնը''։
Ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած է, Հաւատքի Տարուայ ծիրէն ներս, Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի նախաձեռնութեաբ։
Համակեցութեան, աղօթքի, զուրաճանքի եւ խորհրդածութեան վերոյիշեալ ձեռնարկի մասնկցեցան 75 երկիրներէ ժամանած աւելի քան 100 հազար հաւատացեալներ, որոնք միասնաբար խորհրդածեցին ընտանիքի ապրած ներկայ իրավիճակի մասին ու անոր կարեւորութեան` հասարակական եւ ընկերային կեանքէն ներս։
Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Վինչէնցօ Բալիա, իր խօսքին մէջ, յիշեց Սուրիացի ընտանիքները ու անոնց յայտնեց մօտիկութիւն եւ զօրակցութիւն հրաւիրելով ներկաները աղօթելու անոնց համար։ Հաւաքի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ գաղթականներու համար դրամահաւաք։

Ապա` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեամբ տեղի ունեցան վկայութիւններ, որոնց շարքին` Լամբետուզա կղզիէն ժամանած իտալացի մէկ զոյգի ու ափրիկէցի մէկ գաղթականի վկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիացի ընտանիքի մը վկայութիւնը որ ներկայացուց պատերազմի դաժան փորձառութիւնը եւ անոր հետեւանքով ապրուած գաղթականութեան իրավիճակը։Հաւաքին խօսք առին նաեւ, իտալացի նշանաւոր ռեժիսոր` եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերակոչող "Արտույտների ագարակը" ֆիլմի հեղինակ` Փաոլօ եւ Վիթորիօ Դավիանի եղբայրները, որոնք խօսելով իրենց ''ֆիլմերու'' մասին մատնանշեցին թէ ինչպէս այդ ներկայացումներու ընդմէջէն անոնք փորձած են ի յայտ դնել եւ դատապարտել կեանքի եւ ընկերութեան մէջ գործուած անարդարութիւններ` ինչպէս ''հայոց ցեղասպանութիւնը'', եւ թէ ինչպէս իրենց ներկայացուցած պատմութիւններու ընդմէջէն միշտ փորձած են, հակառակ բացայայտ դժուար իրողութիւններուն, մարդկային` բարեկամութեան ու նուիրումի խոր եւ ազնիւ զգացումները արտայայտել, որոնք ընկերութեան մը հիմը ըլլալու են։

Վկայութիւններու շարքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքը կեդրոնացուց Քրիստոնեայ ամուսնութեան վրայ որ կը նշանակէ` ''Աստուծոյ եւ ընկերութեան առջեւ ստանձնել` ընտանիք կազմելու պատասխանատուութիւնը'', ''մեկնիլ ու քալել միասին, ձեռք ձեռքի, վստահելով Տիրոջ''։Սրբազան Հայրը դատապարտեց ''ժամանակաւորի մշակոյթը'' մատնանշելով թէ ս. պսակը լոկ հանդիսութիւն մը չէ, այլ ուխտ մըն է, որ պէտք է պատասխանատուութեան հոգիով ընդունիլ։ Ան ապա խօսեցաւ ընտանեկան կեանքի դժուարութիւններու մասին, հրաւիրելով ներկաները, հակառակ յաճախակի անհասկացողութիւններուն, իրար զիրար հանդուրժել եւ ըլլալ իրարու հանդէպ ներողամիտ։Վիճաբանեցէք - ըսաւ Սրբազան Հայրը - կռուեցէք` սակայն օր մը թող չ՛անցնի առանց որ հաշտուիք։ Ան ապա յորդորեց ընտանեկան սէրն ու ապրումը հիմնել երեք բառերու վրայ. ''կռնա՞մ. շնորհակալութիւն եւ ներողութիւն''։
Սրբազան Հայրը խօսքին մէջ յիշեց նաեւ ընտանեկան կառոյցէն ներս տարեցներու դերը ու խօսքը աւարտեց հրաւիրելով քրիստոնեայ ընտանիքները ըլլալու ''աւետարանի վկաներ'' ու ապրելու միշտ Յիսուսի միացած։
Թող Տէրը ձեզ օրհնէ ու Մարիամ մեր Մայրը ձեզի ըլլայ ապաւէն ու ձեզի ընկերանայ - եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.