2013-10-26 12:46:50

Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան Թուիթները։


Վատիկանի Պետական Քարտուղարութիւնը, ուրբաթ 25 հոկտեմբերին եւ շաբաթ 26 հոկտմեբերին, երկու թուիթներ հրատարակեց, որոնց պարունակութիւնը քաղուած է Վատիկանի Մակի մօտ մնայուն դէտ` Գերապայծառ Ֆրանսիս Ասիզի Շուլլիքադի, Մակի մէջ ներակայացուցած զեկուցումէն, որուն մէջ ան կը խօսի համաշխարհականացումի եւ միջուկային զէնքերու արտադրումի մասին։

Առաջին թութին մէջ` հրատարակուած 25 հոկտեմբերին, կը կարդանք`

''Միջուկային զէնքերը վերացնելու աշխարհի պատրաստակամութիւնը երբե՛ք այսքան ակնհայտ չէ եղած:

Մինչ երկրորդ թուիթը, հրատարակուած 26 հոկտեմբերին, կը հաստատէ թէ`

''Մեր աշխարհը այնքան իրարմէ կախեալ եւ իրարու կաապուած է որ պէտք ենք դիմադրել համաշխարհականացումի անտարբերութեան''։








All the contents on this site are copyrighted ©.