2013-10-26 11:48:22

Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի կոչը ՄԱԿին, կրօնական խումբերու պաշտպանութեան ի խնդիր։


Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդը, ''խիղճի ազատութեան'' հաստատութեան հետ միասին, կոչ մը ուղղած են Ազգերու Միացեալ Կազմակերպութեան, խնդրելով կրօնական խումբերու պաշտպանութիւնը եւ դատապարտելով քրիստոնեաներու եւ այլ կրօնական խումբերու դէմ գործադրուած հալածանքը, աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ։ Իրենց այս կոչով Եւրոպայի եպիսկոպոսները կը խնդրեն բոլոր պետութիւններէն եւ միջկառավարական կազմակերպութիւններէն կանխարգիլել սպառնալիքներն ու բռնարարքները կրօնական խումբերու դէմ եւ պատշաճ կարգադրութիւններ որդեգրել կրօնական փոքրամասնութիւններու ճանաչումին ու փոխադարձ յարգանքին։ Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդը, ընդգծած է թէ արդի մեր ժամանակներու կրօնական հալածանքը գայթակղութիւն մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.