2013-10-26 09:52:41

Աղօթք ընտանեկան համերաշխութեան համար


Ով Սուրբ Յովսէփ, պաշտպան քրիստոնեայ ընտանիքին, դուն մեզի պէս ճանչցար
ընտանեկան կեանքը։
Մարիամի հետ ապրեցար փոխադարձ եւ կատարեալ սիրոյ առօրեայ կեանք մը։
Ձեր փոխադարձ սէրը կը կեդրոնանար Աստուծոյ որդիին մէջ որ նաեւ ձեր զաւակն էր։
Եւ մեզի պէս, ձեր սէրը պահպանեցիք եւ աճեցուցիք ուրախութիւններու եւ դժուարութիւններու մէջ։
Պաշտպանէ այսօր մեր ընտանիքը։ Օգնէ մեզի որ հասկնանք զիրար՝ հետեւեով օրինակին քու Որդւոյդ որ կը դիտէր նախ մարդուն սիրտը եւ ոչ միայն դէմքը։
Ըրէ որ երբեք հպարտութիւնն ու անձնասիրութիւնը չվնասեն մեր սիրոյն։ Դարձուր
մեզ օրըստօրէ աւելի հաւատարիմ մեր խոստումներուն. Օգնէ մեզի որ որքան աւելի ապրինք, այնքան աւելի մօտենանք իրարու եւ միասին՝ Աստուծոյ որդիին, որ միշտ ներկայ համերաշխ ընտանիքներուն մէջ։ Ամէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.