Քրիստոնէին ամենամեծ առաքինութիւնը` սէրն է: Եւ ինչ որ մարդ կը սիրէ, պէտք է նաեւ զայն
խոստովանի ու դաւանի: Քրիստոնեան պէտք չէ ամչնայ իր ծերունի մօր, սիրելի հարսին , կամ
իր կրօնքին համար: Քրիստոնէական կրօնը` ոչ թէ խօսքի, այլ գործի կրօն է: Աշխարհ մեզմէ
գործ եւ իրականութիւն կը սպասէ: Ոչ միայն մեծ բաներու մասին խօսիլ, երազել, եւ մեծ գործեր
ծրագրել գիտնալ պարզապէս, այլ` նաեւ իրապէս զանոնք գործադրել, կատարել, ըլլան անոնք փոքր
կամ մեծ: Սակայն որպէս զի գաղափար մը գործի փոխուի, շատ դէպքերու մէջ քաջութեան կարօտ
ենք: Եթէ լաւ գործին հայրը` խորհուրդ ու գաղափարն, անոր մայրն ալ` քաջութիւնն է: Աշխարհս
լի է քաջ ձեռնարկումներով: Միթէ Աստուծոյ արքայութիւնը` պէտք չէ՞ որ այսպիսի աներկիւղ
ու ձեռներեց մարդերով աւելի հարուստ ու բազմաթիւ ըլլայ: Ամէն պարագայի, իբր որդիներ Աստուծոյ,
մեր յաւիտենական Հօր առջեւ պատասխանատու ենք այն մեծ կամ փոքր գործերուն, որոնք մեր
վատութեամբ չեն ձեռնարկուիր ու չեն գործադրուիր: Քրիստոս կրցաւ իր մահուան նախորդ գիշերն
ըսել. « Հայր, գործը զոր ինծի տուիր կատարեցի զայն»: Եւ մահուան վայրկեանին ալ « ամէն
ինչ կատարուեցաւ» ըսաւ: Պիտի կարենա՞նք արդեօք մեր կեանքին վերջը` անգամ մը այսպէս խօսիլ
եւ արտայայտուիլ: Միթէ ցաւ կրելը եւ մահը դիմագրաւելը` քաջութիւն է՞: Անտարակոյս,
այո՛: Ապա թէ ոչ ի՞նչպէս կրնային մարդիկ պատերազմի խառնուրդին կամ թնդանօթի կրակին մէջ
նետուիլ: Ասոնք շատերուն համար` քաջութեան ամենափառաւոր տեսակները կը համարուին միամտութեամբ,
քան ինքնին իրական արիութիւնը: Կրնայ ըլլալ որ մէկը արիութիւնն ունենայ իր կեանքը վտանգի
ենթարկելու, բայց ոչ իր պաշտօնը կամ դիրքը: Դարձեալ ուրիշ մը, որ աւելի զինուորական արիութիւն
եւ նուազ աշխարհականի կորով ունենայ: Սակայն ինչ որ ալ ըլլայ, պէտք չէ որ քրիստոնեան
ցաւ կրելու եւ մահը դիմագրաւելու քաջութեան մէջ` ետ մնայ ուրիշներէն եւ անոնցմէ ամօթահար
ըլլայ: Քաղաքակրթուած արդի մարդը, յաճախ իր կեանքին չափազանց արժէք կու տայ, ինչպէս նաեւ
իր անհատական էութեան եւ գոյութեան, բայց չի գիտեր ինչպէս գործածել զայն: Կամ իր կեանքը
թեթեւամտութեամբ կը նետէ: Սակայն քրիստոնէին համար, մահը ողբերգութիւն մը կամ վերջ ըսել
չէ: Այլ սկիզբ եւ կատարում: Կեանքը` թեթեւամտութեամբ չի նետեր , չի վտանգեր: Քրիստոնեաներ
եղած են, որոնք երջանկութիւն ճառագայթելով մահը դիմագրաւած են: Գերմանացի իմաստասէր
մը կ՛ըսէ. « Կեանքի եւ անոր բոլոր դիւցազնական քաջագործութիւններուն խոր արմատը` կրօնին
մէջ կը գտնուի: Ոչ մէկ բան մարդուն սրտին խորքը այնպէս յուզել, ոչ մէկ բան անձնազոհութեան
դրդրել կրնայ, եթէ ան իր կրօնին կապուած չէ կամ եթէ այս բանն ինքը տեսակ մը կրօնի վերածած
չէ»: Մենք ալ կը պատկանի՞նք արդեօք անոնց, որ քաջութեամբ եւ արիութեամբ կ՛ապացուցանեն
իրենց բարեպամտութիւնը: կ՛արդարացնե՞նք խոստովանութեամբ, գործով, կռուելու, չարչարուելու
եւ մեռնելու արիութեամբ: Անոնց դիւցազներգութիւններն օր մը հրեշտակներու տաւիղները բարձրաքարոզ
բարձր հնչիւնով պիտի երգեն ու հնչեցնեն: