2013-10-25 09:45:15

Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչին խորհրդածութիւնը ''Ամուսնալուծուած եւ վերապսակուած հաւատացեալներու հարցը'' նիւթին մասին


Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ` գերապայծառ Կերարտ Միւլլէր, Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին մէջ ստորագրած է` ''ամուսնալուծուած եւ վերապսակուած հաւատացեալներու հարցը'' վերտառութեամբ յօդուած մը, որուն մէջ մանրամասնօրէն կ'անդրադառնայ այս հարցին մասին եւ կը մէջբերէ` Աւետարանի, ս. Հայրերու եւ Եկեղեցւոյ գլխաւոր վաւերագրերու կեցուածքը վերոյիշեալ հարցին շուրջ ու ապա հովուական ցուցմունքներ եւ ուղեգիծեր կը ներկայացնէ կապի մէջ մնալու համար ամենագութ եւ ողորմած Տիրոջ հետ։
Քրիստոնեայ այր մարդու եւ կնոջ միջեւ ամուսնութիւնը խորհուրդ մըն է, որ անմիջականօրէն կը հայի մարդու` անհատական, ընկերային եւ պատմական իրողութեան։ Գերապայծառ Միւլլէր այդ ուղղութեամբ կը գրէ. ''Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Ղուկասի Աւետարաններէն ի յայտ կու գայ թէ հաւատացեալ այրի մարդու եւ կնոջ միջեւ միութիւնը հաստատուած է Աստուծմէ, որպէս ուխտի նշան Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ միջեւ։ Նոյնպէս Եկեղեցւոյ Հայրերը եւ Դրենդինեան տիեզերական ժողովը մերժած են ամուսնալուծումը ու երկրորդ պսակը եւ արգիլած են ամուսնալուծուածներուն ամենասուրբ հաղորդութեան ճաշակումը եւ սուրբ խորհուրդներու մատակարարումը։
Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի ''ուրախութիւն եւ յոյս'' հովուական վաւերաթուղթը վերընդգծած է թէ ամուսնութիւնը կայուն հաստատութիւն մըն է, հիմնուած Աստուածային իրաւունքով ու անկախ մարդու կամայականութենէն, եւ թէ Խորհուրդի հետեւանքով անոր անքակտելիութիւնը կը դառնայ պատկերը Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ իր ժողովուրդին եւ Քրիստոսի հաւատարմութեան հանդէպ Եկեղեցւոյ։

Վերջին ժամանակներուն, կը գրէ գերապայծառ Միւլլէր, երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ (1983) եւ Պենետիկտոս ԺԶ (2007) Քահանայապետներու յորդորագիրներու, Հաւատոյ ժողովի 1994-ի մէկ վաւերաթուղթի եւ 2012-ի սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներու փակման պատգամին մէջ կ'ընդգծուի, որ ամուսնալուծուած եւ վերապսակուածները չեն կրնար մօտենալ Ամենասուրբ Հաղորդութեան, քանի անոնց կեանքի իրավիճակը հակասական է Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ միջեւ կայացած սիրոյ կապին։
Գերապայծառ Միւլլէր խօսքը ուղղելով Եկեղեցւոյ հովութեան պատասխանատուներուն, դիտել կու տայ, հարկաւոր է յիշեցնել ամուսնալուծուած եւ վերապսակուած անհատներուն որ Եկեղեցին ոչ մէկ խտրականութիւն ունի անոնց հանդէպ, այլ պարզապէս կը համակերպի Աստուծոյ կամքին։
Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչը ապա կ'ընդգծէ որ բացի Ամենասուրբ Հաղորդութեան ճաշակումէն, կան այլ եղանակներ, Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ մտնելու համար` հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ ներգործութիւններով, զղջումով ու աղօթքով։
Աստուած կարող է յայտնել իր մօտիկութիւնը ու փրկութիւնը զանազան ճամբաներով, նոյնիսկ երբ անոնք հակասական վիճակի մէջ կը գտնուին, կը գրէ գերապայծառ Միւլլէր ու յօդուածը կ՛եզրափակէ հաստատելով թէ
ճշմարտութեան ու սիրոյ վրայ հիմնուած հովութիւն մը, կարող է միշտ, ընթանալիք ճանապարհի պատշաճ ձեւերը գտնել։







All the contents on this site are copyrighted ©.