2013-10-25 10:06:11

Գերմանիա Մերքելի գաղտնալսման համար Միացեալ Նահանգներու դեսպանէն բացատրութիւն պահանջած է


ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Պերլինի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հեռախօսը գաղտնալսելու տեղեկութեան վերաբերեալ բացատրութիւն տալու համար:
Գերմանական կառավարութեան ներկայացուցիչը չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ, ըստ Պերլինի ունեցած տուեալներուն, Միացեալ Նահանգներ գաղտնալսած են վարչապետին հեռախօսը:
Սակայն այս տեղեկութիւնը հերքած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման, որ վստահեցուցած է, որ «իր երկիրը չէ գաղտնալսած եւ ապագային ալ պիտի չգաղտնալսէ Մերքելը»:







All the contents on this site are copyrighted ©.