2013-10-24 13:21:16

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 24 հոկտեմբերի գործունէութիւնը։


Հինգշաբթի, 24 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց` Լուսսէմպուրկի արքայազն Կիլիոմ Իշխանը, անոր կողակից` Ստէֆանի իշխանուհին ու իրենց ընկերացող շքախումբը։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ յաջորդաբար ընդունեց` Ավստրալիայի առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Փօլ Րիչարտ Կալլակէր, Փիլիպեան կղզեախումբի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ճուզեփփէ Բինդօ եւ Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճէլոս թեմի արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Խօսէ Օրասիօ Կոմէզ, ինչպէս նաեւ Սաուտի արաբական երկիրներու եպիսկոպոսներ` գերապայծառ Գամիլլօ Պալին եւ գերապայծառ Փոլ Հինտէր ու իրենց ընկերացող` հայր Ալտօ Պէրարտին։

Ժամը 12-ին Սրբազան Հայրը Վատիկանի Գլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց “Simon Wiesenthal Center” ի պատուիրակութեան 60 անդամներուն, մինչ յետ միջօրէի ժամը 4,30-ին, Սուրբ Պետրոսի մէջ, Սրբազան Հայրը, նախագահեց Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան արարողութիւնը, որուն ընթացքին եպիսկոպոսական օծում ստացան գերապայծառ Ժան Մարի Սբէյչ` Կանայի մօտ առաքելական դեսպան եւ գերապայծառ Ճամբիթրօ Կլոտէր` Քահանայապետական Եկեղեցական Ակատեմեայի նորանշանակ նախագահ։

“Simon Wiesenthal Center” ի պատուիրակութեան անդմաներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց վերոյիշեալ հրեական հաստատութեան` մարդու իրաւունքի պաշտպանութեան ի սպաս գործունէութեան։ Ան ապա վերահաստատեց թէ ''Եկեղեցին կը դատապարտէ ''հակասեմական'' որեւէ արարք'' անդրադառնալով բոլոր փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած անհադրժողութիւններուն ու յատուկէն ակնարկելով քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն` համայն աշխարհի մէջ կրած հալածանքներուն։
Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները միացնելու ուժերը, սանդիպումի` յարգանքի. հասկացողութեան եւ փոխադարձ ներումի մշակոյթը զարգացնելու նապատակով ու այս ուղղութեամբ ընդգծեց դաստիարակութեան կարեւորութիւնը որ ''պէտք չէ ըլլայ միայն գիտութեան փոխանցում'' այլ պէտք է հանդիսանայ ''կեանքի վկայութիւն մր որ նոր սերունդին հետ, որ միշտ բաց է ճշմրատութեան, ''դաշինք'' մը կնքէ։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները շարունակելու իրենց գործունէութիւնը, երիտասարդներուն փոխանցելով յանձնառումը` պատնէշները մերժելու եւ մեր մշակոյթի ու հաւատքի աւանդութիւններու կամուրջներ կառուցելու արժէքները ։ Յառաջ ընթանանք - ըսաւ Ան- վստահութեամբ, քաջութիւն եւ յոյս։








All the contents on this site are copyrighted ©.