2013-10-24 13:00:16

''Քրիստոնեաները լրջութեամբ մօտենալու են իրենց հաւատքին''։ Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ։


Ֆրանչիսկոս Քահանայապերը այսօր` 24 հոկտեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանդա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, անդրադարձաւ Սուրբ Պօղոսի Հռովմէացիներու ուղղուած նամակին, որուն մէջ կը խօսուի փրկչագործութեան խորհուրդի մասին։

Սրբազան Հայրը ըսաւ` Սուրբ Պօղոս մեզի կը բացատրէ ասոր իմաստը, առաջ եւ վերջ–ի տրամաբանութեամբ, Յիսուսէն առաջ եւ Յիսուսէն ետք։
Սուրբ Պօղոս, Յիսուսի գալուստէն ետքը կը նկատէ որպէս նոր ստեղծագործութիւն։ Քրիստոսի մէջ վերակազմուեցանք, Անոր գալուստը վերաստեղծագործութիւն է։Յիսուսի արիւնը վերաստեղծեց մեզ։ Մինչ՝ նախապէս, մեր բոլոր կեանքը , մեր մարմինը, մեր հոգին, մեր սովորութիւնները
մեղքի ճանապարհի վրայ էին։ Վերաստեղծումէն ետք պէտք է ջանանք քալել արդարութեան ճանապարհի վրայ- յորդորեց Սրբազան Հայրը ու ապա ակնարկեց ''ժամանակաւոր քրիստոնեաներ'' ըլլալու փորձութեան, կիսատ քրիստոնեաներ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որ լուրջի չեն առներ քրիստոնէական ճանապարհը` գաղջ քրիստոնեաներ։
Ան ապա քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները օրինակ առնելու Սուրբ Պօղոսէն որ ''ամէն բան թողուց նայելու համար Քրիստոսին ու ինքզինքը վերագտնելու Անոր մէջ ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.