2013-10-24 12:52:11

Տինքի սպանութեան հարցով հետախուզուող Էրհան Թունճել դարձեալ կը ձերբակալուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23ին, Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը դարձեալ ձերբակալեց Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով հետապնդուող ամբաստանեալներէնԷրհան Թունճելը:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթին համաձայն՝ ոստիկանութիւնը Պոլսոյ Քումպուրկազը թաղամասի բնակարաններէն մէկուն մէջ ձերբակալած է Թունճելին, որ այս տարուան Սեպտեմբեր 17ին, վերջին անգամ մասնակցած էր դատավարութեան, որմէ ետք անհետացած էր:
Նշենք, որ Թուրքիոյ Վճռաբեկ ատեանին կողմէ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով ամբաստանեալներու խումբ մը ազատ արձակելու վճիռի բեկանումէն ետք վերսկսած դատավարութեան ընթացքին, Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններով զբաղող 14րդ դատարանը որոշած էր ձերբակալել սպանութիւնը կազմակերպողներէն մէկը համարուող Թունճելը, որ առաջին դատավարութեան աւարտին ազատ արձակուած էր:
Յայտնենք, թէ թրքական «Սթար» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Թունճել նախապէս յայտնած էր, թէ Տինքի սպանութիւնը ցոյց կու տայ, որ պետութեան մէջ կայ «Էրկենեքոն»էն աւելի բարձր կառոյց մը, որ միշտ կը կանխէ յանցագործութեան բացայայտումը: «Ես այս միջադէպին մէկ փոքր մասնիկն եմ միայն: Ես կարդացած եմ Տինքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի գիրքը, ուր ինք եւս գտած է «Էրկենեքոն»ի կառոյցին հետքերը», ըսած է Թունճել:
Թունճել նաեւ պնդած է, թէ զինք բանտարկելու մասին ատեանին որոշումը անարդար է, որովհետեւ միւս կասկածեալներուն դէմ նման քայլեր չեն առնուած:
«Իմ պաշտպանական ճառին հետ միասին, պիտի ներկայացնեմ նաեւ Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետ կապուած տեղեկութիւններ՝ այն ժամանակահատուածին մասին, երբ եղած եմ ոստիկանութեան հետախուզութեան գործակալի օգնական: Պէտք է Տրապիզոնի ոստիկանութեան գործունէութիւնը եւս հետաքննուի: Սպանութեան մէջ անոնց դերը մեծ է: Այս գործը «Էրկենեքոն»էն աւելի բարձր կառոյցի գործ է: Հրանդ Տինքի սպանութեան գործի թղթածրարը ամբողջովին սխալ է: Այս սպանութեան հետ պետութիւնը կապ չունի», աւելցուցած է ան:
«Հրանդ Տինքի սպանութիւնը նման է Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզի մէկ պատմութեան, ուր սպանութիւն մը տեղի կ՛ունենայ բոլորին աչքին առջեւ: Բոլորը գիտէին, թէ Տինքին կը սպառնային, սակայն չկանխեցին», եզրակացուցած է ան:







All the contents on this site are copyrighted ©.