2013-10-24 14:30:59

ՀՀ ԱԳ նախարարը հանդիպեցաւ ՄԱԿ-ի քարտուղարի տեղակալ, ՄԱԿ-ի թմրանիւթերու եւ Յանցաւորութեան Դէմ Պայքարի Գրասենեակի Ղեկավարին


Հոկտեմբեր 22-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպեցաւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ, ՄԱԿ-ի թմրանիւթերու եւ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գրասենեակի գործադիր տնօրէն, ՄԱԿ-ի Վիեննայի գրասենեակի ղեկավար Եուրի Ֆեդոտովին: Այս մասին կը տեղեկացնէ ԱԳՆ մալոյ տւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը անդրադարձան Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ համար Թմրանիւթերու դէմ պայքարի 2012-2015թթ.. ռազմավարութեան կենսագործման: Զրուցակիցները կարեւորեցին միջազգային հանրութեան ջանքերու համադրումը թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարին:
էդուարդ Նալպանտեան ու Եուրի Ֆեդոտովը անդրադարձան ՄԱԿ-ի թմրանիւթերու եւ յանցաւորութեան դէմ պայքարի գրասենեակի կողմէ յառաջիկային կազմակերպուելիք համաժողովներուն Հայաստանի մասնակցութեան:
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը բարձր գնահատեց Վիեննայի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ Վիեննայի մէջ ՀՀ ներկայացուցչութեան միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.