2013-10-24 10:12:39

Առեւանգուած եպիսկոպոսները ազատ արձակելու բանակցութիւնները կը շարունակուին


Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ նախանցեալ երեկոյեան ուղղուեցաւ Դամասկոս, երէկ Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Քննարկուեցան Հալէպի մէջ առեւանգուած Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները ազատ արձակելու թղթածրարը:
Միւս կողմէ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ նախանցեալ երեկոյեան ուղղուեցաւ Քաթար, երէկ Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց շէյխ Թամիմին` առեւանգուած լիբանանցիներու ազատ արձակումին նպատակով Քաթարի ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Իր կարգին Թամիմ իշխանը ընդգծեց, որ Քաթար կառչած կը մնայ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ գոյութեան:
Ռայի պատրիարքին հետ իր հանդիպումէն ետք շէյխ Թամիմ հաստատեց, որ ինք պիտի շարունակէ հետապնդել Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն թղթածրարը` աւելցնելով, որ լիբանանեան թղթածրարին առումով ինք շատ բծախնդիր է եւ ճիգ չի խնայեր Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Քաթարի իշխանը խոստացաւ նաեւ Լիբանանի նիւթական յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել` նկատի ունենալով դէպի լիբանանեան հողեր սուրիացի գաղթականներուն հոսքը:
ՆՇԵՆՔ, որ սուրիական բանտերէն երէկ 14 կիներ ազատ արձակուած են. անոնք մաս կը կազմեն այն 128 կին բանտարկեալներուն, որոնց ազատ արձակումը խոստացուած է սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ` առեւանգուած ինը լիբանանցիներուն ազատ արձակումին իբրեւ փոխադարձ բարի կամեցողութիւն:







All the contents on this site are copyrighted ©.