2013-10-24 12:42:23

«Սրբադասումն Ու Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերը» նիւթով զրոյց «Ազդակ»-ի կազմակերպութեամբ


Չորեքշաբթի 23 հոկտեմբեր «Ազդակ» օրաթերթի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ «Սրբադասումն ու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը» նիւթով զրոյց մը, որուն զրուցակիցներն էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դրան եպիսկոպոս Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութենէն Հիւսիսային Ամերիկայի վաստակաւոր առաջնորդ Մանուէլ եպս. Պաթաքեան ու Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Զրուցակիցները խօսեցան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար սրբադասման ներկայացուցած կարեւորութեան ու հոլովոյթի մեքանիզմներուն, սրբադասման համար նկատի առնուած արժեչափերուն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն սրբադասման թայմինկի քաղաքական նշանակութեան մասին: Զրուցակիցները նաեւ քննարկեցին քաղաքական եւ ազգային ենթահողի վրայ կատարուած ցեղասպանութեան արարքին կրօնական իմաստ ու բովանդակութիւն մը տալէն յառաջանալիք վտանգներուն եւ անոնց չէզոքացման հարցը:







All the contents on this site are copyrighted ©.