2013-10-24 12:42:11

«Ժընեւ-2»-ը ամբողջ միջազգային ընտանիքին յաջողութիւնը պիտի ըլլայ» ըսաւ Փութին


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի պատրաստութիւնները ամբողջ միջազգային ընտանիքին յաջողութիւնն է:
Քրեմլինի մէջ դեսպաններու հաւատարմագիրները ստանձնելու արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Փութին ըսաւ, թէ ամէնէն կարեւոր հարցը այն է, որ Սուրիոյ տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու Ռուսիոյ սեփական կեցուածքը երկիրներու մեծամասնութեան կողմէ հասկացողութեան եւ աջակցութեան արժանացաւ: Ան վերահաստատեց սուրիական տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու հրամայականը:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը երէկ յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի նոյեմբեր 5-ին հանդիպում պիտի ունենայ ամերիկացի եւ ռուս պաշտօնատարներու հետ` պատրաստելու համար «Ժընեւ-2»-ը: Մինչ այդ, Իպրահիմի Ամմանի մէջ յայտարարեց, որ գրեթէ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի այն հարցին շուրջ, թէ Սուրիոյ տագնապը ռազմական լուծում մը չունի:
«Ժընեւ-2»-ի շուրջ բանակցութեան թղթածրարին առնչակից ամերիկեան աղբիւր մը լիբանանեան «Ժումհուրիյա» օրաթերթին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան այն յայտարարութիւնները, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ փոխանցման հոլովոյթին մէջ որեւէ ապագայ չունի, եւ թէ Իրանի «Ժընեւ-2»-ի մասնակցութիւնը կախեալ է այդ երկրին «Ժընեւ-1»-ը ընդունելէն. «յստակ եւ երկակի պատգամ մըն էր»:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի փորձագէտները Քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման կազմակերպութեան փորձագէտներու հետ կ՛աշխատին Սուրիոյ քիմիական զէնքերը ոչնչացնելու համար:
ՄԱԿ-ի մօտ Սէուտական Արաբիոյ պատուիրակ Ապտալլա Մուալլեմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ ամբողջական զինադադարի պարտադրման համար հարկ եղած միջոցառումները որդեգրելու` նշելով, որ կարելի չէ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը քիմիական զէնքի գործածութեան հարցով սահմանափակել:
Ան ըսաւ, որ սուրիական վարչակարգը կը շարունակէ «իր ժողովուրդին մէջ բնաջնջումի արշաւ շղթայազերծել եւ սովի մատնելու զէնքը կ՛օգտագործէ»` նշելով, որ սուրիացիները պիտի մոռնան իրենց տագնապը արմատական եւ ազդու կերպով լուծման գծով միջազգային ընտանիքին կողմէ անտեսումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.