2013-10-23 15:30:22

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 14 նոյեմբերին կ՛այցելէ Իտալիոյ Նախագահական Պալատը։


Վատիկանի բանբեր` Յիսուսեան հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յառաջիկայ 14 նոյեմբերին, պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի կատարէ Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահ` Տիար Ճորճօ Նափոլիթանոյի, հանդիսանալով պատմութեան 6-րդ Քահանայապետը որ Իտալիոյ ''Գուիրինալէ'' կոչուած` նախագահական պալատը կ՛այցելէ։
14 նոյեմբերի հանդիպումը պիտի հանդիսանայ երրորդը ընդմէջ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Նախագահ Նափոլիթանոյին։ Առաջինը տեղի ունեցած էր 19 մարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գահակալութեան օրը, ապա երկրորդը 8 յունիսին` Իտալիոյ Նախագահի Վատիկան կատարած պաշտօնական այցելութեան առթիւ, որուն ընթացքին նախագահը պաշտօնապէս հրաւիրած է Ֆրանչիսկոս Պապը այցելելու ''Գուիրինալէի'' պալատը։







All the contents on this site are copyrighted ©.