Ռիատ պիտի սահմանափակէ՞ իր գործակցութիւնը Ուաշինկթընի հետ
Սէուտական քաղաքականութեան մօտիկ աղբիւր մը երէկ «Ռոյթըրզ»-ի յայտնած է, որ Սէուտական
Արաբիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարը եւրոպացի դիւանագէտներուն յայտնած է, որ իր երկիրը
Միացեալ Նահանգներու հետ իր գործակցութիւնը պիտի սահմանափակէ` առ ի բողոք Սուրիոյ հարցով
Ուաշինկթընի ձեռնածալ մնալուն եւ Իրանի հետ անոր յարաբերութեանց հաւանական բարելաւման: Պանտար
պըն Սուլթան իշխանը պատուիրակներուն յայտնած է, որ Ուաշինկթըն Սուրիոյ եւ պաղեստին-իսրայէլեան
տագնապներուն նկատմամբ ազդու քայլերու չէ դիմած, ինչպէս նաեւ Թեհրանի կը մերձենայ եւ
չէ զօրակցած Սէուտական Արաբիոյ, երբ վերջինս աջակցած է Պահրէյնին` ճնշելու համար 2011-ին
տեղի ունեցած հակակառավարական ըմբոստութիւնը: