2013-10-22 14:07:55

Հայոց Ցեղասպանութեան Լաւալի նորակառոյց յուշարձանին շուրջ Քանատահայութիւնը վերանորոգեց պահանջատիրութեան իր ուխտը։


Հոկտեմբեր 20-ին, Քանատայի Քեպեք նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Լաւալ քաղաքի կեդրոնը բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ» օրաթերթը:
Խաչելութիւն-յարութիւն-վերածնունդ խորհրդանշող յուշարձանին հեղինակն է քանատահայ քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեան: Հանրային կեդրոնական վայրի մը մէջ գտնուող եւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան իբրեւ, Լաւալի նորակառոյց յուշարձանը Քանատայի մէջ առաջին յուշակոթողն է:
Քանատացի պաշտօնական քաղաքական հիւրերու եւ բազմահարիւր հայրենակիցներու ներկայութեամբ արարողութիւնը սկիզբ առաւ Քանատայի եւ Հայաստանի պետական օրհներգներով եւ պետական դրօշներու շքախումբի մուտքով:
Օրուան հանդիսավար Անի Արեւեան յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց Լաւալի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Սագօ Եագուպեանը, յուշարձանի յանձնախումբի անդամ Յովիկ Թիւֆէնքճեանը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Քանատայի Միացեալ յանձնախումբի ատենապետ Մհեր Գարագաշեանը, որոնք միահամուռ հաստատեցին հայոց պահանջատիրութեան գծով քանատահայութեան վճռակամութիւնը:
Յուշարձանի հեղինակ Արթօ Չաքմաքճեան իր սրտի խօսքը փոխանցելով` յայտնեց, թէ յուշարձանի խորքային իմաստը յոյսն է: Գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան երգիչներ Սարգիս Պարսէմեան, Էլի Պէրպէրեան, Լաուրա Պէրպէրեան, տուտուկահար Վաղարշակ Ատէմեան եւ հնգամեայ ասմունքող Կրեթա Մխիթարեան:
Շնորհաւորութեան եւ ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ժոզլին Կերթէն, Քեպէքի խորհրդարանի անդամ Սուզան Փրուլ, Քանատայի խորհրդարանի անդամ Խօսէ Նունէ Մէլօ, Քանատայի խորհրդարանի անդամ Սթէֆան Տիոն եւ Քանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ Մատլէն Տալֆոն Կիրալ, որոնք դատապարտեցին Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ շղթայազերծուած ուրացման քաղաքականութիւնը եւ իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեցին քանատահայութեան:
Իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան, որ նորանոր ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու համար` միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը:
Հայաստանի, Արցախի, Քանատայի, Քեպէքի եւ Լաւալի դրօշներուն հովանիին ներքեւ, թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, Նաթան արք. Յովհաննիսեան, վերապատուելի Մանուէլ Ճինպաշեան եւ Գէորգ Ծ. վրդ. Զապարեան կատարեցին յուշարձանի օրհնութեան արարողութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.