2013-10-22 14:03:14

Ընտանիքի իրաւունքի դաշնագիրի 30 ամեակ


2013-ի հոկտեմբերին կը նշուի Ընտանիքի իրաւունքի դաշնագիրի 30 ամեակը։ Այս առթիւ Ընտանիքի Քահանայապետական խորհուրդը հռոմի մէջ գումարած է իր 21-րդ լիասնիտ ժողովը որուն ընթացքին կազմակեպած է նաեւ խորհրդաժողով մը որ տեղի պիտի ունենայ 24 հոկտեմբերին 'Ընտանիքի իրաւունքի կանոնագրութեան նիւթին մասին եւ որուն խորագիրն է ''մարդաբանական նոր հորիզոններ եւ ընտանիքի իրաւունքը''։
Վերոյիշեալ գիտաժողովը կը գլխաւորէ գերապայծառ Վինչենցօ Բալիան` նախագահը Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին։ Աշխատանքներուն կը մասնակցին Մանիլայի առաջնորդը կարտինալ Թակլէ եւ Նիճերիոյ Ապուժա թեմի առաջնորդը կարտինալ Ոնայէքեան մինչ Գերապայծառ Լաֆիթ` վերոյշեալ Խորհուրդին քարտուղարը պիտի զեկուցէ. 'ընտանիքի իրաւունքի դաշնագրի աստուածաբանական հիմքը' նիւթին մասին։ Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ հանրածանօթ մասնագէտներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.